ԲՆԱՆԿԱՐՆԵՐ

Յnւշատետր - 44

Ռ. Հատտէճեանի այս գիրքը կը բովանդակէ ընդհանրապէս բնութեան պատկերներու վրայ գրի առնուած բանաստեղծական, փիլիսոփայական, ընկերաբանական 128 յօդուածներ։ Հեղինակը այս գործով կը փառաբանէ բնութեան գեղեցկութիւնը եւ ցաւ կը յայտնէ բոլոր անոնց համար, որոնք կարող չեն անդրադառնալու բնութեան գեղեցկութիւններուն։ Ան կը գրէ.

«Մարդը Բնութեան բոլոր տարրերուն միջեւ միակն է որ կրնայ լրիւ ըմբոշխնել Բնութեան գեղեցիկ պահերը։ Մենաշնորհ մըն է ահաւասիկ այս մէկը եւ մարդը այնքան երջանիկ է որքան կարելիութիւնն ունի ապրելու բնական գեղեցկութիւններու միջավայրի մը մէջ եւ որքան ատակ է անդրադառնալու այդ գեղեցկութեան արժէքին»։

Գիրքի նախաբանին մէջ հեղինակը կը մաղթէ որ մեր վաղանցուկ կեանքին մէջ, Տէրը մեզ միշտ պահէ Մայր Բնութեան գեղեցիկ բնանկարներուն դրացութեան մէջ, բոլորս լեցուինք անոնց մէջ ցոլացող հրաշքով եւ այդ հրաշքով լոյս մը վառենք նաեւ մեր ներքին բնաշխարհին, մեր ներքին բնանկարներուն մէջ։

Գիրքը »ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ« շարքի 44րդ հատորն է։