ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ ՍՈՒԱՏԻՅԷԻ ՄԵՐ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԵՋ


Ռ. Հատտէճեանի այս հատորը ամբողջովին հիմնուած է 1950ական թուականներու իր օրագիրներուն վրայ եւ թանկագին վկայութիւններ կը բերէ 1950ական թուականներու գրական նոր շարժումին մասին, որուն դրօշակիրները հանդիսացան Զահրատ, Ռ. Հատտէճեան, Խրախունի եւ միւսները։ Իսթանպուլահայ գրականութիւնը սիրողներու ու այդ գրականութեան դէմքերը ճանչցող գրասէրներու համար այս հատորը շատ հաճելի առիթ է վերյիշելու ինչեր ու ինչեր։ Այստեղ մանրամասնօրէն կը պատմուին նաեւ այդ թուականի քաղաքական անցուդարձերը, որոնցմէ մէկն էին 6-7 Սեպտեմբերի ցաւալի պատահարները։