ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԱՀԱՅ ՆՈՐ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՎԷՊԸ

Յnւշատետր - 52


«Պտոյտ մը Հայ Բանաստեղծութեան Պարտէզին Մէջ» հատորէն եւ Իսթանպուլահայ եւ Սփիւռքահայ բազմաթիւ բանաստեղծներու գործերը ընթերցողներուն ներկայացնելէ ետք, Ռ. Հատտէճեան 8 Մարտ 2004 եւ 15 Սեպտեմբեր 2004 թուականներու միջեւ ձեռնարկեց խիստ կարեւոր աշխատանքի մը եւ գրի առաւ1940ական թուականներու Իսթանպուլահայ նոր բանաստեղծութեան պատմութիւնը։ Կարպիս Ճանճիկեանի, Հայկազուն Գալուստեանի եւ Ա. Շաւարշի կողմէ ստեղծուած շարժումը թերեւս առաջին անգամ ըլլալով վերլուծումի ենթարկուեցաւ գրական եւ քաղաքական իրադարձութիւններու լոյսին տակ։ Ռ. Հատտէճեան 1940ական թուականներու բանաստեղծութեան շարժումի պատմութիւնը զարգացուց եւ բերաւ մինչեւ մեր օրերը։ Այս խիստ կարեւոր յօդուածաշարքն ալ գիրքի վերածուեցաւ «Իսթանպուլահայ նոր բանաստեղծութեան վէպը - Կարպիս Ճանճիկեան, Հայկազուն Գալուստեան եւ միւսները» խորագրին ներքեւ, ընդամէնը 325 էջ։ «Մենք գրասէր մարդու խղճամիտ պարտականութիւն կատարեցինք յիշատակելով անունները գրողներու, որոնք արդէն խնկելի յիշատակ դարձած են ընդհանրապէս», կը գրէ հեղինակը այս գործը ներկայացնելու համար։