ԿԵԱՆՔԸ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԷՆ ՆԵՐՍ


Բոլոր անոնց համար, որոնք մօտէն կը հետեւին հայ մամուլի աշխատանքին, ծայր աստիճան հետաքրքրական պիտի դառնայ Ռ. Հատտէճեանի այս նոր հատորը, ուր ան յաճախ երգիծական ոճով եւ իրապաշտ անկեղծ մեր-ձեցումներով կը պատմէ այն կեանքը, զոր աւելի քան քառասուն տարիներէ ի վեր կ’ապրի խմբագրատան տենդագին, բայց հաճելի մթնոլորտի մէջ։ Հեղինակին ամէնէն ժողովրդական եւ հետաքրքրական գործերէն մէկն է այս, որ մերթ կը դառնայ յուշագրութիւն, մերթ հայ մամլոյ հարցերուն մասին խոկում, մերթ ալ զուարթ եւ երգիծական ապրում։