ԱՐԱՍՏԱՂԻՆ ՄԻՒՍ ԿՈՂՄԸ


Այս վէպը Առաստաղը վէպին շարունակութիւնն է, թէեւ գրուած առաջինէն բաւական երկար ժամանակամիջոց վերջ։ Հեղինակը Առաստաղը գրելու ընթացքին ծրագրած էր երեք տարբեր հատորներէ բաղկացնել զայն, բայց երկրորդը շատ ուշացած էր։ Արդեօք հեղինակը պիտի կարենա՞յ գրել երրորդն ալ։

Հեղինակը այս երկրորդին համար կ՚ըսէ հետեւեալը.

«Կաթուածահար մարդուն ամբողջ աշխարհը փուլ եկաւ, երբ օր մըն ալ ան յանկարծ լսեց որ իր հարազատները պիտի մեկնին հեռաւոր ուրիշ երկիր։ Գաւառէն դէպի մեծ քաղաք տեղաշարժը կը շարունակուէր ուրեմն մեծ քաղաքէն դէպի օտար երկիր։ Ընտանիքը ա՛լ աւելի հեռու կը քշուէր իր բնական ակունքներէն։ Պապերը առաւել եւս առանձին կը մնային իրենց հեռաւոր գերեզմաններուն մէջ։ Ինք ալ այլեւս պիտի չտեսնէր որ իր հարազատները պիտի բանային հիւանդանոցի իր սենեակին դուռը եւ տաքուկ շունչ մը պիտի բերէին ընտանեկան յարկէն։ Եւ Առաստաղին վրայէն սաւառնակ մը մեկնեցաւ դէպի արտասահման։ Անիկա սաւառնակ մը չէր իրականութեան մէջ, ճանճ մըն էր։ Բայց այդ սաւառնակին պատուհաններէն սիրելիներ թաշկինակ ճօճեցին հրաժեշտի համբոյրներ ղրկելով։ Կաթուածահար մարդը նայեցաւ սաւառնակին ետեւէն եւ շարունակեց ապրիլ այն կեանքը, որ սահմանուած էր իրեն։ Որովհետեւ, ինչպէս ինք միշտ կ՚ըսէր, մարդը միշտ դատապարտուած էր ապրելու։ Այս վէպը շարունակութիւնն է »Առաստաղ«ին, այս անգամ պատմուած՝ ուրիշի բերնով»։