§Թագաւոր Երկնաւոր զԵկեղեցի քո անշարժ պահե՛ա¦
Բեթղեհէմի
լոյսը
ժառանգ
առինք
մեր
պապերէն
ու
որպէս
անգին
ժառանգութիւն
մը
պիտի
թողունք
մեր
զաւակներուն:
Ճիշդ
ժամանակն
է
նայելու
դէպի
երկինք
հայու
մաքուր
եւ
ջինջ
հոգիի
աչքերով,
տեսնելու
աստղը
Բեթղեհէմի,
որ
նաեւ
մեզ
պիտի
առաջնորդէ
մեր
աննուաճ
երազներուն,
ինչպէս
մեր
հայրերուն
ճամբայ
ցոյց
տուաւ
գոյատեւման
ու
յառաջդիմութեան
ուղիներուն
վրայ:
Ոստի
մենք
ալ
հոս
ենք՝
պատրաստ
դիմակալելու
2026-ի
բոլոր
անակնկալները
եւ
մարտահրաւէրները
խաչակնքելով
մեր
ճակատը
եւ
ապաւինելով
Բարձրեալին
Աստուծոյ, որ է §Էմմանուէլ¦:
Սուրբ
Ծննդեան
այս
օրհնաբեր
շրջանը
հանդիպելով
հանդերձ
ձմեռնային
ցուրտին
ու
դժուար
ժամանակներուն,
զուգահեռաբար
մեր
Տիրոջ
Յիսուս
Քրիստոսի
աստղը
հիանալի
ճառագայթումով
կը
ջերմացնէ
ու
կը
ներշնչէ
մեր
սիրտերը
այն
սքանչելի
յոյսով
ու
վստահութեամբ,
որ
Աստուած
մեզի
հետ
է
մեր
բոլոր
դժուարութիւններուն
մէջ:
Թերեւս
յառաջիկայ
օրերուն
պիտի
անցնինք
այնպիսի
պատահարներու
ընդմէջէն,
որ
ամենէն
շատ
ա՛յս
տարի
պիտի
զգանք
կարիքը
Սուրբ
Ծնունդի
մխիթարող
ջերմութեան:
Սակայն
փա՛ռք
Աստուծոյ,
ունինք
հզօր կռուաններ ու պաշպանութեան զէնքեր, որոնցմով կարող ենք դիմակայել այս տարիին մեր առջեւ յարուցելիք բոլոր փորձանքներուն:
Նոր
տարուայ
սեմին
կը
մաղթեմ
ամենաբարին
եւ
ամենալուսաւորը
ձեր
բոլորին:
Երազանքներուն
իրականացում,
յաջողութեան
կատարներ
եւ
անսասան
առողջութիւն
կը
մաղթեմ
ձեզի:
Եղանակի
օրհնութիւնն
ու
խնդութիւնը
ձեր
վրայ
իջնէ
առատապէս
եւ
այս
օրերուն
ամբողջ
աշխարհին
լաւատեսութեամբ
բաբախող
սիրտին
մասնակից
դառնանք
մենք
եւս:
Հրեշտակներ
թող
թափեն
երկինքէն
մարդու
որդիներուս
վրայ Աստուածային սէր, եղբայրութիւն, խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն:
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:
Սուրբ
Ծննդեան
եւ
Աստուածայայտնութեան
կենսանորոգ
տօնին
առիթով
կ
’
ողջունենք
Առաքելական
Մայր
Եկեղեցւոյ
բոլոր
զաւակներն
անխտիր։
Քրիստոսաւանդ
ջերմագին
սիրով
կ
’
ողջունենք
նաեւ
մեր
Հոգեւորական
Դասու
անդամները,
Սրբազան
Եպիսկոպոսներն
ու
Միաբան
Հայրերը,
Քահանայից,
Սարկաւագաց
եւ
Դպրաց
Դասերը,
Գալֆայեան
Ուխտի
Քոյրը,
Պատրիարքական
Աթոռի
Տնտեսական
Խորհուրդի,
Ընկերային
Օժանդակութեան
Յանձնախումբի
եւ
իրեն
ենթայանձնախումբերու,
Տիկնանց
եւ
Հայ
Մենթի-Մենթոր
Յանձնախումբերու
անդամները,
Սուրբ
Փրկիչ
Ազգային
Հիւանդանոցի
Հոգաբարձութիւնը,
Բժշկապետութիւնը,
Բժշկաց
Դասն
ու
Բոյժ
քոյրերը,
Համայնքային
Հաստատութեանց
Խնամակալութիւնները,
Թաղային
Խորհուրդները,
Տիկնանց
Յանձնախումբերը,
մեր
համայնքային
վարժարաններու
Հիմնադրի
ներկայացուցիչներն
ու
Տնօրէնները,
Հոգաբարձութիւնները,
Ուսուցչաց
Դասը,
Աղքատախնամ
Մարմինները,
Սանուց
Միութիւնները,
Մարմնամարզական
եւ
Հայրենակցական
Միութիւնները
եւ
բոլոր
մարդասիրական
ու
մշակութային
մարմինները,
Հայ
Մամլոյ
Խմբագիրները
եւ
ողջ
Անձնակազմը,
Պատրիարքական
Աթոռոյս
ինչպէս
նաեւ
բարեսիրական
եւ
կրթական
հաստատութեանց
սատարող
ազնիւ
բարերարները,
համայն
հաւատացեալ
եւ
սիրեցեալ
մեր
ժողովուրդը՝
մաղթելով
բոլորին
Սուրբ
Ծննդեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։
Յատուկ
օրհնութեամբ
կ
’
ողջունենք
եւ
կը
շնորհաւորենք
Գաւառի
Հայոց
Տեսուչը
եւ
գաւառի
մէջ
բնակող
մերազն
ժողովուրդը,
ինչպէս
նաեւ
Կրետէի Հայ համայնքի անդամները։
Ս.
Ծննդեան
եւ
Աստուածայայտնութեան
Տօնին
առիթով
կը
շարունակենք
աղօթել
վասն
բարօրութեան
եւ
անսասանութեան
Մայր
Աթոռ
Ս.
Էջմիածնի։
Մեր
որդիական
ակնածանքը
կը
յղենք
Նորին
Սրբութիւն
Տ.
Տ.
Գարեգին
Բ
Ամենայն
Հայոց
Կաթողիկոսին։
Կը
հայցենք
Նորին
Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները վասն պայծառութեան Աթոռոյս։
Ի
Քրիստոս
սիրով
կը
շնորհաւորենք
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Նորին
Սրբութիւն
Տ.
Տ.
Արամ
Ա
Կաթողիկոսը
եւ
Երուսաղէմի
Նորին
Ամենապատուութիւն
Տ.
Նուրհան
Պատրիարքը,
հանդերձ
իրենց
միաբանակից
վանական
հայրերով,
նաեւ
Հայ
Առաքելական
Եկեղեցւոյ
բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։
Մեր
հայրական
սրտագին
սէրն
ու
ողջոյնները
կ՚առաքենք
սփիւռքի
մէջ
գործող
Ս.
Խաչ
Դպրեվանք,
Կեդրոնական,
Էսաեան
ու
Մխիթարեան
Վարժարաններու
Սանուց
Միութեանց
Վարչութիւններուն,
Պոլսահայ
Միութիւններուն
ու
մերազն
ժողովուրդի
զաւակներուն,
որոնք
նեղ
պայմաններու մէջ կը շարունակեն տէր կանգնիլ իրենց աւանդութիւններուն։
Այս
առթիւ
ի
Քրիստոս
սիրով
ողջունելով,
Ս.
Ծննդեան
եւ
Աստուածայայտնութեան
Տաղաւարի
մեր
շնորհաւորութիւնները
կը
յղենք
նաեւ
բոլոր
քոյր
Քրիստոնեայ
եկեղեցիներու
առաջնորդներուն,
հովիւներուն
եւ
հաւատացեալներուն,
գլխաւորաբար
Հայ
Կաթողիկէ
եւ
Հայ
Աւետարանական համայնքներուն։
Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։
Հայրական սիրոյ ողջունիւ եւ աղօթիւք ի Քրիստոս
ՍԱՀԱԿ Բ.
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
25 Դեկտեմբեր 2025
15816